Թելեբաչէ Արմենիա — «Խաղաղութեան Ձայն»

«Խաղաղութեան Ձայն»-ը հաղորդաժամ մըն է, որ կը սփռուի Վատիկանի կապուած «Թելեբաչէ» հեռուստակայանի միջոցաւ։ Ծնունդ առաւ Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանի ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ, 15 սեպտեմբեր 2005-ին։

2010-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի խնդրանքով, «Խաղաղութեան Ձայն» հայկական հաղորդաժամը կ՛ունենայ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հովանաւորութիւնը եւ կը դասուի Պատրիարքութեան ընկերային հաղորդամիջոցներու շարքին։

Հաղորդաշարի կէտնպատակն է՝ տարածել խաղաղութեան ու սիրոյ պատգամը, հաղորդել ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնն ու գործունէութիւնը, տեղեկութիւններ սփռել Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան մասին, եւ տարածել Հայ Ազգի քրիստոնեայ պատմական ու մշակութային արժէքները։

«Խաղաղութեան Ձայն» հաղորդաժամը կը պատկերասփռուի շաբաթը 9 անգամ՝ 30 վայրկեան տեւողութեամբ։